2011-09-21 13:30:47

Եւրոպական Միութիւնը Կը Դիւրացնէ Հայաստանի Հետ Վիզայի Դրութիւնը։


Եւրոմիութեան Արեւելեան հարեւանութեան ծրագրի Պատասխանատու Սթէֆան ֆիւլէ Հայաստանի մէջ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպում ունենալէէ ետք, ասուլիս մը սարքեց եւ յայտարարեց որ Եւրոմիութեան Յանձնախումբը ամբողջացուցած է Հայաստանի հետ վիզայի դրութիւնը դիւրացնելու գործընթացքը։ Այժմ կ՝ակնկալուի որ Եւորմիութեան արեւելեան հարեւանութեան ծրագրով բանակցութիւնները սկսին Հայաստանի հետ։ ֆիլէ ընդգծած է նաեւ որ Հայաստան պէտք է շարունակէ բարեփոխումները,աւելցնելով որ նիւթական օգնութիւններ պիտի ընդլայնին պայմանական ձեւով։
Իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ նոյն ասուլիսի ընթացքին յայտնեց թէ Հայաստան պիտի շարունակէ ժողովրդավարութեան գծով Եւրոմիութեան պահանջները իրականացնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.