2011-09-21 13:22:27

Անգարայի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Մը Պայթումը Պատճառ՝ 3 Մեռեալներու եւ 34 Վիրաւորներու։


Երէկ(20 Սեպտեմբեր) առաւօտ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնական Քըզըլայ Հրապարակի մօտ կայացած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը` պատճառ է 3 զոհերու եւ 34 վիրաւորներու (որոնցմէ երեքը ծանր) ինչպէս նաեւ կան նիւթական վնասներ:
Պայթումը տեղի ունեցաւ Անգարայի Քըզըլայ թաղամասին մէջ որ կը ճանչցուի նաեւ որպէս ՝՝Կառավարական Թաղամաս՝՝ կառավարական շէնքերու ներկայութենէն , ներառեալ` վարչապետարանէն, թրքական բանակի սպայակոյտի գրասենեակէն եւ շարք մը նախարարութիւններէ որոնք նուազ քան մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:
Առ այժմ ոչ ոք տէր եղած է ահաբեկաչական արարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.