Օգոստոս ամսոյն մէջ արդէն սկիզբ առին Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակի ամբողջական վերանորոգումը։
Վերանորոգումի աշխատանքները, որ պիտի տեւեն 30 ամիս, պիտի վերադարձնեն հրապարակին 17-րդ
դարու իր փայլքն ու գոյնը։ Ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի. հրապարակին 376 սիւները,
140 արձանները, 1.200 մեթր քառակուսի տարածութեամբ պատշգամները, երկուորեակ` Թլմենդինա
եւ Կրեկորեանա փոքր աղբիւրները, եգիպտական կեդրոնական կոթողը, կանգնուած 1586ին Սիքստոս
Ե. Քահանայապետէն եւ նոյնիսկ 19-րդ դարու կոթողին շուրջ զետեղուած լամբարակիրները։ Այս
վերանորոգումները կը գործադրուին շնորհիւ առատաձեռն բարերարներու եւ գեղարուեստական,
գիտական եւ պատմական Վատիկանի Թանգարաններու պատասխանատու Անթոնիօ Բաուլուչիի հսկողութեան
ներքեւ