2011-09-20 10:41:30

Կաթողիկէ Կիներու Լիկայի Համագումար, Հիմնարկութեան Հարիւրամեակին Առթիւ։


Աւելի քան 500 զուիցերացի կիներ մասնակցեցան շաբաթասկիզբը կաթողիկէ կիներու լիկայի կատարած համաժողովին։ Նշենք որ Զուիցերիոյ կաթողիկէ կիներու լիկան այս տարի կըը յիշատակէ իր հիմնարկութեան առաջին դարադարձը։ Այս լիկան կը հանդիսանայ Զուիցերիոյ ամէնէն կարեւոր ընկերակցութիւնը։ Անիկա կը գործէ ազգային ու միջազգային մակարդակի վրայ օգնութեան հասնելով կիներու ընտանեկան, բանուորական, ընկերային ու եկեղեցական հարցերուն։ Նոյնպէս Լիկան յանձնառումով կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, արդարութեան ու բնապահպանութեան։ Լիկային անդամակցած են աւելի քան 200 հազար կամաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.