2011-09-20 10:41:14

Թիւնիզի Սալաֆիսդները Կ'ուզեն Հռոմէական Հին Եկեղեցի Մը Մզկիթի Վերածել։


Թիւնիզի իսլամ մոլեռանդ սալաֆիթները սպառնացած են հռոմէական հին պազելիքա մը վերածել մզկիթի։ Աւելի քան 20 սալաֆիսդներ 15 սեպտեմբերին բռնագրաւած են Քեֆի հռոմէական պազելիքան, հակառակ որ պատմական այդ վայրը մաս կը կազմէ համաշխարհային ժառանգութեան, որպէսզի ուրբաթ օրերը իրենց աղօթքը կատարեն։ Ոստիկանութիւնը բանակի օգնութեամբ կարողացած է հեռացնել զանոնք։ Տեղւոյն մամուլը գրած է թէ կրօնական ծայրայեղութիւնը կարող է ականել ազգային մշակութային ժառանգութիւնը եւ խախտել երկրին անվտանգութիւնը։ Յայտնենք թէ Քեֆ քաղաքը, որ նախապէս կը կոչուէր Սիքքա Վեներիա, ունի տասնեակ փիւնիկեան, հռոմէական եւ մահմետական պատմական վայրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.