2011-09-19 13:26:50

Սուրբ Կէննարիոսի Տօնը, Իտալիոյ Նաբոլի Քաղաքի Պաշտպան Սուրբը։


Այսօր լատին եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Կէննարիոսի Տօնը, որ Իտալիոյ Նաբոլի Քաղաքի պաղտպան սուրբն է, եւ որուն հանդէպ նաբոլէթանցիները ունին մեծ ջերմեռանդութիւն։ Ըստ աւանդութեան Սուրբին արիւնը որ սրուակի մէջ պահուած է, Նաբոլիի մայր Տաճարին մէջ հեղուկ կը դառնայ։ Այս հրաշքը տեղի կ՛ունենայ տարին երեք անգամ. Մայիսի առաջին կիրակին, 19 սեպտեմբերին որ սուրբին նահատակութեան տարեդարձի օրն է ( 19 սեպտեմբեր 305) ու ապա երրորդ անգամ 16 դեկտեմբերին ի յիշատակ 1631-ին ի յիշատակ սուրբին կատարած հրաշքին, երբ Վեզուվիոյ հրաբուխի ժայթքումը դադրեցաւ








All the contents on this site are copyrighted ©.