2011-09-19 13:23:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Այսօր երկուշաբթի 19 սեպտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11 ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի Պալատին մէջ ժամը 11ին յաջորդաբար ընդունեց Հնադկասատանի Պհոբալի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Լէօ Գորնէլիոն ու Նէբալի Տեղապահ Եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Անթոնի ֆրանսիս Շարմա, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը Գոնչիսթորօ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հանդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ 20 եպիսկոպոսներուն դարձեալ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 22 սեպտեմբերին, առաւօտեան չորս օրուայ առաքեալական այցելութեամբ պիտի մեկնի գերմանիայ մինչ Մեծն Պրիտանիոյ մէջ, երէկ 18 սեպտեմբերին մեծ շուքով նշուեցաւ Սրբազան հօր Անգլիա կատարած այցելութեան առաջին տարեդարձը։ Այս առթիւ նորին սրբութիւնը պատգամ մը ուղղած է` Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, որուն մէջ մատնանշած է հարկաւորութիւնը <<վկայութիւն տալու աւետարանի ճշմարտութեան>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.