2011-09-19 13:21:24

Հ Հ Անկախութեան 20-ամեակի Առթիւ Տօնակատարութիւնները.
՜՜ Հայաստանը Դու Ես... ՝՝ Կարգախօսով։


Հ Հ անկախութեան 20-րդ տարեդարձը պիտի նշուի 21 Սեպտեմբերին, հանրապետութեան բոլոր մարզերու մէջ։Տօնական հանդիսութիւնները կը շարունակուին պետական կառոյցներու, տարբեր կազմակերպութիւններու, արտերկրի մէջ Հ Հ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ Սփիւռքի համայնքներու կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներով։
Հ Հ անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնները կը կայանան ՜՜Հայաստանը Դու Ես...՝՝ կարգախօսի ներքոյ, իսկ տարբերանշանը 2011-ն է, որու 11 թիւերը խորհրդանշական են եւ նման են Հ Հ տառերուն։ Տարբերանշանի գծագրիչն ու յուշանուէրներու արտադրողն է ՜՜Երեւան Փրոտաքշըն՝՝ ընկերութիւնը։
21 Սեպտեմբերի ընդառաջ տեղի ունեցող՝ ձեռնարկներէն յիշենք՝ ցուցահանդէսներ, համերգներ ու համաժողովներ։ Իսկ անկախութեան տօնին օրը՝ 21 Սեպտեմբերին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը կը կայանայ զօրահանդէս մը , ու ապա Երեւանի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կը մատուցուի ՜՜ Հանրապետական Մաղթանք՝՝ը. իսկ երեկոյեան՝ հրապարակի վրայ կը ներկայացուի աննախադէպ ձայնալուսային ներկայացում եւ հրավառութիւն։
Համերգին ելոյթ կ՝ունենան Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը, Հ Հ նախագահի պատուոյ պահակախումբի փողային նուագախումբը, եւ ՜՜Փոքրիկ երգիչներ՝՝ երգչախումբը։ Օրը եզրափակուեցաւ տօնական գիշերային տիսքոթէքով - (պարահանդէսով)։
Նոյն օրը հանդիսաւոր նիստեր եւ տօնական համերգներ տեղի կ՜ունենան հանրապետութեան բոլոր մարզերու մէջ, որուն աւարտին՝ երգահան Ռոպէրթ Ամիրխանեանի գրած ՜՜Երդվում եմ հայրենիքս՝՝ յատուկ ստեղծագործութիւնը զոր կը կատարեն բոլոր մասնակցող նուագախումբերն ու երգչախումբերը։
Տօնական օրերուն կը բացուի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նոր մասնաշէնքը, որը երեք անգամ մեծ է մատենադարանի ներկայ շէնքէն, եւ հարստացած ժամանակակից սարքաւորումներով։ Նաեւ տեղի ունեցաւ Երեւանի միջազգային օդակայանի նոր կայանի բացումը , կը սկսի գործել նոր հեծանիւի հրապարակը ու ՜՜Փոքր Մհեր՝՝ կրթահամալիրի ռազմամարզական կեդրոնը։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կը կատարուի ՜՜Հայաստանի երեք հանրապետութիւնները՝՝ անուան մեծ ցուցահանդէսին. Հ Հ կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան դրած է յատուկ արծաթեայ մետաղադրամ՝ 300 օրինակով, ու կ՝ արտակուին 20-ամեակին նուիրուած նամականիշեր։
Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնը կը նախապատրաստէ ՜՜Անկախութիւնը երեխաների աչքերով՝՝ մանկական նկարներու համահայկական մրցոյթ։
20 ամեայ յոբելեանը պիտի նշուեի նաեւ արտերկրի մէջ. յիշենք՝ Փարիզի ՜՜Օլիմփիա՝՝ համերգասրահին մէջ հայազգի Հռչակաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր Հ Հ անկախութեան 20-ամեակի առթիւ համերգը։
Պելկիոյ, Գերմանիոյ ու Նիտերլանտի մէջ համերգներով հանդէս կու գայ Հայաստանի երիտասարդական նուագախումբը։ նաեւ կը կազմակերպուին երիտասարդ լուսանկարիչներու, ու ժամանակակից գեղանկարիչներու անհատական ցուցահանդէսներ։
Հռոմի մէջ, Հռոմահայերը պիտի տօնեն Հ Հ անկախութեան 20-ամեակը Լեւոնեան Հայ վարժարանի սրահին մէջ, յատուկ ձեռնարկով մը ու նաեւ ՜՜Հայաստան՝՝ անունով գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսով։
Հ Հ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները կը կազմակերպեն ընդունելութիւններ. նաեւ միջոցառումներ կը կազմակերպեն հայկական սփիւռքի կառոյցները։
21 Սեպտեմբերին պիտի նշուի նաեւ Երեւանի օրը։ Այդ օրը մայրաքաղաքի բոլոր համայնքներու մէջ տօնական հանդիսութիւններ, տօնավաճառներ ու բազմատեսակ երաժշտական հանդէսներ տեղի կ՝ունենան։
Տօնակատարութիւնները սկիզբ կ՝առնեն Անկախութեան 20-ամեակի յատուկ 3 երգերով. ՜՜Հայաստանը դու ես՝՝ , ՜՜Իմ անունը Հայաստան է՝՝ եւ ՜՜Արմենիա՝՝ երգերը. այս երգերու հիման վրայ նկարահանուած է երաժշտական 3 տեսահոլովակ, ինը հոլովակ եւ պատրաստուած են պաստառներ։
Հ Հ անկախութեան 20-րդ տարեդարձի միջոցառումներու գլխաւոր գործընկերներն են ՜՜Արարատ՝՝ Երեւանի Գոնեաքի գործարանը, ՜՜Ճէօ Բրօ Մայնինկ՝՝ ընկերութիւնը եւ ՜՜Նիվա-Ռուս՝՝ ընկերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.