2011-09-19 13:25:20

ԱՄՆը Կը Քննադատէ Վիէթնամի Մէջ Կրօնական Կացութիւնը։


Լոյս տեսաւ ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան տարեկան տեղեկագիրը կրօնական ազատութեան մասին աշխարհի վրայ։ Տեղեկագիրին մէջ նշուած են 8 պետութիւններու ցանկը, որոնք մասնաւորապէս մտահոգիչ են կրօնական ազատութեան մասին։ Եթէ Վիէթնամի անունը չկայ այդ ցանկին մէջ, սակայն տեղեկագիրը Վիէթնամի մասին 20 էջ յատկացուցած է, ուր տակաւին կը շարունակուին ծանր դրժումներ տեղական իշխանութիւններու կողմէ։ Տեղեկագիրը նաեւ կը մատնանշէ դրական զարգացումներ հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ որ կարողացաւ 2010-ին տօնախմբել յոբելենական տարին։
Յայտնենք որ աշխարհի կրօնական ազատութեան ամերիկեան յանձնախումբը 13 սեպտեմբերի տեղեկագիրը կը մատնանշէ 8 երկիրներ, որոնք չեն յարգեր կրօնական ազատութիւնը. ինչպէս միշտ Սէուտական Արապիան միշտ ցանկին գլուխը կը գտնուի, ապա կու գայ Պիրմանիան, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Էրիդրէան, Իրանը, Ուզպեքիստան եւ Սուտանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.