2011-09-18 12:44:27

Հրանդ Տինքի Անուան Միջազգային Մրցանակը՝ Այս Տարի Թրքական «Թարաֆ» Օրաթերթի Խմբագիր՝Ահմէտ ԱԼԹԱՆԻ-ն։


Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնադրամին
կողմէ ամէն տարի շնորհուող մրցանակը այս տարի յանձնուեցաւ թրքական «Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթանին եւ Մեսսիքացի լրագրող ու մարդկային եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպան Տիկին Լիտիա Քաչոյին:
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին կայացած մրցանակաբաշխութեան բացման ելոյթով նախ հանդէս եկած է “Հրանդ Տինք” միջազգային հիմնադրամի նախագահ Տիկին Ռաքէլ Տինք, որ մասնակիցներուն դիմած է հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն:
Արարողութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուած Ահմէտ Ալթան նշած է, թէ այդ մեծ մրցանակը ինք պիտի պահէ ու պիտի յանձնէ այն խիզախին, որ երեւան պիտի հանէ Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրային խմբակը: Ան աւելցուցած է, թէ ամօթով կ՛ընդունի այս մրցանակը, որովհետեւ ինք ու 70 միլիոն թուրքեր չկրցան առաջքը առնել Տինքի սպանութեան:
Մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան համար պայքարող հասարակական խիզախ գործիչներու կամ լրագրողներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.