2011-09-18 12:16:55

Հայոց Բանակի Հոգեւոր Առաջնորդութեան Դրօշը Կ՛օրհնուի Ս. Էջմիածինի Մէջ։


Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ուրբաթ 16 Սեպտեմբերին, Գարեգին Բ.ի հանդիսապետութեամբ՝ կատարուած է , ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան դրօշի օրհնութեան արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ եղած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ, ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Վլադիմիր Գասպարեան, Պետական պաշտօնեաներ ու բարձրաստիճան զինուորականներ, ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր սպասաւորներ, գլխաւորութեամբ՝ Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներ: Գարեգին Բ. այս առթիւ խօսք առնելով ըսաւ. «Այսօր այլեւս մեծ թուով հոգեւոր սպասաւորներ իրենց ծառայութիւնն են բերում հայոց բանակում այն գիտակցութեամբ, որ բանակը զօրեղ է եւ յաղթական, եթէ իր հոգում կրում է Աստծուն եւ իր ընթացքն առաջնորդում է Աստծով: Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր նաեւ Հայոց բանակի դրօշի վրայ մենք կարդում ենք հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մեր ուղին օրհնեալ է, որովհետեւ Աստուած մեզ հետ է»»:
Այնուհետեւ կատարուած է դրօշի օրհնութեան կանոնը: Այս նոյն կանոնով օրհնուած է նաեւ ի պաշտպանութիւն հայրենեաց մարտնչող հայ կամաւորական ջոկատներու դրօշը՝ 19 րդ դարասկիզբի:








All the contents on this site are copyrighted ©.