2011-09-18 12:17:57

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսումնական Տարեշրջան։


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը 15 Սեպտեմբերին հաւաքուած էին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանի եւ փոխ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ողջոյնի խօսքերէն յետոյ, ինչպէս նաեւ վարժարանին կրօնագիտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ Սալբի Քէշիշեանի ընթերցումէն յետոյ, միասնական աղօթքով բացումը կատարուեցաւ նոր ուսումնական տարեշրջանին։
Այնուհետեւ ներկաները տեղափոխուեցան վարժարանի Ֆարաճեան լսարան, գումարելու համար վերամուտի ընդհանուր ժողովը։
2011-2012 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ վարժարանի տնօրէն Պր Կրէկուար Գալուստի ելոյթով, որ ամառնային արձակուրդէն յետոյ, բարի վերադարձ մաղթեց բոլորին։ Ան իր զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն՝ անձնակազմային փոփոխութիւններուն։ Ան նաեւ յատուկօրէն անդրադարձաւ վարժարանի լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն արձանագրած գոհացուցիչ արդիւնքներուն, որուն համար յատկապէս շնորհաւորեց երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմի անդամները։
Նորութիւններու շարքին ան ուշադրութեան յանձնեց, որ նկատի ունենալով Մեսրոպեան մանկամսուրի հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնն ու մեծ պահանջարկը, այս տարուընէ սկսեալ պիտի գործէ մանկամսուրի նոր՝ չորրորդ դասարանը։
Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան e-shcool ընկերութեան պատասխանատուներէն Պր Մահտի Ղորայպի, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ ընկերութեան կատարելիք աշխատանքներուն մասին՝ առընչուած Մեսրոպեան վարժարանին հետ, աշակերտութեան արդի սերունդներուն հետ աշխատանքը բացարձակ օգտաշատ կազմակերպելու համար։
Վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը յիշատակի նկար մը նկարուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն







All the contents on this site are copyrighted ©.