2011-09-17 12:48:59

Տիմանի Մէջ Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Սլէյման Կը Հանդիպի Պատրիարքր Պշարա Ալ Րայիի։


Լիբանանի նախագահը զօր. Միշել Սլէյման, այցելեց Տիման, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Ալ Րայի Պատրիարքին եւ ապա Նասրալլահ Սֆէյրի հետ հանդիպումէն ետք, նախագահ Սլէյման իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը յաջող կը նկատուի, շեշտելով որ Ռայի պատրիարքը իբրեւ Արեւելքի քրիստոնեաներու պատասխանատու հոգեւոր պետ իր մտավախութիւնները փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահին եւ ըստ այնմ անդրադարձած է Միջին Արեւելքը պետութիւններու բաժնելու եւ զայն քրիստոնեաներէն պարպելու ծրագիրներուն:
Յետմիջօրէին Քաննուպինի հովիտին մէջ գտնուող պատրիարքներու զբօսայգիին մէջ Ռայի պատրիարքը նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ: Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը շեշտեց Լիբանանի գոյատեւման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան պէտք է գոյատեւէ իբրեւ պատգամ երկիր, որպէսզի կարենայ օժանդակել իր արաբ եղբայրներուն գոյատեւման` քաջալեր հանդիսանալով երկխօսութեան, բարեկարգումի գործադրութեան եւ ազատութեանց ու իրաւունքներու պահպանման:
Պատարագէն ետք նախագահ Սլէյման, Ռայի պատրիարք եւ Սֆէյր նախկին պատրիարք բացումը կատարեցին Եուսեֆ Ըսթֆեն եւ Ռայի պատրիարքներուն արձաններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.