2011-09-17 12:45:12

Գերմանացի Պատմաբան Լեքեւի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Դասէ Եւրոպայի Մոռցուած Ողբերգութեանց Շարքին։


Գերմանացի յայտնի պատմաբան Քլաուս Լեքեւիի «Պայքար Եւրոպական յիշողութեան համար» գիրքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դասուի Եւրոպայի մոռցուած ողբերգութիւններու շարքին:
Գիրքին գլխաւոր նպատակը եղած է եւրոպացիներուն յիշեցնել մոռցուած պատմական իրադարձութիւններուն մասին: Հեղինակը նշած է, որ Եւրոպան պիտի չկարենայ միասնական ըլլալ, այնքան ատեն, որ չունի լիարժէք պատմական յիշողութիւն:
Գիրքին մէջ մոռցուած կամ քիչ յայտնի ողբերգութիւններու շարքին կը նշուին 1915ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Պալթեան Երկիրներու մէջ խորհրդային բռնագրաւման հետեւանքները, Պոսնիայի մէջ հակամարտութիւնը եւ Ուկրանական սովը:








All the contents on this site are copyrighted ©.