2011-09-17 12:44:58

«Հակառակ Մեր Վրայ Գործադրուող Ճնշումներուն Պաղեստինը 23 Սեպտեմբերին ՄԱԿ Պիտի Երթայ՝՝ Կ՝ըսէ Մահմուտ Ապպաս։


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ «հակառակ մեր վրայ ու դէմ գործադրուող ճնշումներուն, Պաղեստին 23 սեպտեմբերին ՄԱԿ պիտի երթայ` պահանջելու համար Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի լի-իրաւ անդամակցութիւնը»:
Մահմուտ Ապպաս նշեց, որ «ՄԱԿ-ին դիմելը կը փաստէ, որ 1967-ին գրաւուած հողը պետութեան մը կը պատկանի եւ Իսրայէլի հաստատածին նման վիճելի չէ»` աւելցնելով, որ անդամ երկիր մը, կը մասնակցի միջազգային բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ` միջազգային Դատարանին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանին, «բան մը, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր»: Ան բացատրեց, որ իր ներկայացնելիք դիմումին մէկ օրինակը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պիտի ստանայ, մինչ երկրորդ օրինակը Ապահովութեան Խորհուրդին պիտի ուղարկուի:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը բացատրեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը ՄԱԿ-ին կը դիմէ մեկնելով երեք պատճառներէ.
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ տարի ՄԱԿ-ին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ 2011-ի սեպտեմբերին կ՛ուզեմ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն տեսնել. պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով քառեակը յայտնեց, որ բանակցութիւնները սեպտեմբեր 2011-ին պէտք է աւարտին, եւ վերջապէս` մենք մեզ յանձնառու դարձուցինք պետական կառոյցները հաստատելու եւ այս ամսուան վերջաւորութեան զանոնք պատրաստ դարձնելու»:
Խօսելով բանակցութեանց վերսկսման համար անհրաժեշտ պայմաններուն մասին` Ապպաս ըսաւ, որ «մենք կ՛ըսենք, մեզի տուէք 67-ի սահմանները, բնակեցման դադրեցումն ու բանակցութեանց յստակ ժամկէտ մը եւ կ՛ընդունինք բանակցութեանց վերադառնալ, եւ ասիկա մեր պատմական կեցուածքն է… անոնք նախապայման կը կոչեն, ո՞ւր են նախապայմանները: Կնքուած համաձայնութիւններու համաձայն ոչ ոք կրնայ դիմել միակողմանի քայլերու, որոնք վերջնական լուծումին կ՛ազդեն, եւ ես (պաղեստինեան կողմը) 1995-էն ի վեր եւ մինչեւ հիմա յարգեցի, իսկ ան (իսրայէլեան կողմը) չյարգեց: Ինչ կը վերաբերի 1967-ի սահմաններու եւ բնակեցման դադրեցումի մեր պահանջներուն, անոնք նախապայմաններ չեն»:
Ապպաս ըսաւ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման կը յայտնէ, որ Օսլոյի համաձայնագիրը չեղեալ պիտի նկատէ, «այդ համաձայնագիրը երկկողմանի է եւ կրնայ չեղեալ նկատել, եւ լսեցի անոր խօսքը, թէ դրամական յատկացումները Պաղեստինեան իշխանութեան չփոխանցել կը սպառնայ, ան այդ ալ կրնայ ընել, սակայն այս հարցին մէջ իրաւունք չունի»` աւելցնելով, որ «1967-ի հողին վրայ կառուցուած իւրաքանչիւր կառոյց ապօրինի է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.