2011-09-16 12:31:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 16 սեպտեմբեր 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ուկրանիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակը՝ գերապայծառ Թոմաս Կուլլիքսոն. եւ ժամը 11.15 էն սկսեալ Նորին Սրբութիւնը ուկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն 12 եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նշենք որ Հնդկաստանի եպիսկոպոսներու կանոնական այցելութիւններու աւարտին, կարգը կու գայ Ինտոնեզիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ պիտի ժամանեն 29 սեպտեմբերէն-8 հոկտեմբեր։ Մինչ 10 - 22 հոկտեմբեր, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կը կատարեն Աւստրալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները որոնց կը յաջորդեն 24 - 31 հոկտեմբեր՝ Անկոլայի եպիսկոպոսները։









All the contents on this site are copyrighted ©.