2011-09-16 12:31:56

Գերմանացի Եպիսկոպոսները Ներկայացուցին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Յառաջիկայ 22 - 25 Սեպտեմբեր Գերմանիա Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութիւնը։


Պերլինի մէջ, անցեալ 7 սեպտեմբերին Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Գերմանիոյ եպիսկոպոսները ներկայացուցին Սրբազան Հօր` յառաջիկայ 22-25 սեպտեմբեր գերմանիա կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը ։ Գերապայծառ Րոպէրթ Զոլլիթէք՝ ֆրիպուրկի եպիսկոպոսը եւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը, հաստատած է որ Սրբազան Քահանայապետին այս ճամբորդութիւնը պիտի քաջալերէ եւ հաւատքի մէջ պիտի ամրապնդէ գերմանիոյ կաթողիկէ հասարակութիւնը որ դժուար պահ մը կ՛ապրի։ Խօսելով որոշ գերմանացի խորհրդարանականներու սրբազան քահանայապետի այցելութեան դէմ կազմակերպած ցոյցին՝ 22 սեպտեմբերին, Պերլինի արքեպիսկոպոս Րայնէր Մարիա Վոլքի նշել տուած է որ եկեղեցին չի մտահոգուիր այս տեսակ ձեռնարկներու կազմակերպութեան, քանի որ կ՛ապրինք ժողովրսավարական երկրի մը մէջ ուր կը տիրէ խօսքի ու մտքի ազատութիւն։Ան մատնանշած է նաեւ որ բողոքելէ առաջ, աւելի լաւ կ՛ըլլար սպասել ու մտիկ ընել Սրբազան Քահանայապետին խօսքերուն։ Սրբազան Քահանայապետի ճամբորդութեան համակարգիչ պատասխանատու՝ հայր Հանզ Լանկէնտորֆէր իր կարգին յոյս յայտնեց որ խօսքի ազատութեան արդար իրաւունքը չդառնայ ուժ բանեցնելու առիթ։
Մատնանշելով ճամբորդութեան ծախսերու մասին, գերապայծառ Զոլլիթէք յայտարարած է որ անիկա 30 միլիոն եւրոյի կը հասնին, եւ որը ամբողջութեամբ Գերմանիոյ Եկեղեցին պիտի հոգայ , մինչ գերամանական պետութիւնը` ինչպէս ոեւէ մէկ ուրիշ հանրային միջոցառում պիտի հոգայ միայն խիստ ապահովութեան միջոցառումներու ծախսերը։
Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին մատնանշուեցաւ նաեւ որ Սրբազան Քահանայապետի այս ճամբորդութիւնը պաշտօնական այցելութեան համգամանք ունի։ Նոյնինքն Գերմանիոյ Նախագահ Քրիստեան Վուլֆը հրաւիրած է Նորին Սրբութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այս ճամբորդութիւնը պիտի համախմբէ 250 հազար հաւատացեալներ, մինչ 70 հազարը պիտի մասնակցի Պերլինի Ոլիմբիաշտատիոնի մէջ 22 սեպտեմբերին մատուցելիք Սուրբ պատարագին։ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը յայտարարած է որ այս առթիւ պիտի ստեղծուի <<Արեւելեան Ափրիկէի ի նպաստ Պենետիկտոս Քահանայապետի հիմնադրամ>>ը Ափրիկեան ծոցի սովահար ժողովուրդին օժանդակելու նպատակով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.