2011-09-16 12:33:48

Գերապատիւ Հ. Յովսէփ Վրդ. Պեզեզեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 25ամեակի Նշում Հալէպի Մէջ-Սուրիա։


Հալէպի հայաշատ թաղամաս Մէյտանի՝ Զուարթնոց - Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 18 Սեպտեմբերի ժամը 10-ին, Հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, որուն պիտի նախագահէ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, պիտի նշուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ' Զուարթնոց- ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւ' գերապատիւ Հ. Յովսէփ վրդ. Պէզէզեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Յաւարտ Ս. Պատարագին ժողովրդապետութեան յատուկ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն մը առիթ տալու հաւատացեալներուն շնորհաւորելու իրենց ժողովրդապետին' Հայր Յովսէփի քահանայութեան 25-ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.