2011-09-16 14:10:41

Ակադեմական Ձեռնարկ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան 200-ամեայ Յոբելեանի Առիթով։


Վիեննայի մէջ, 10 Սեպտեմբեր 2011-ին, տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան 200-ամեայ յոբելեանի առիթով ակադեմական ձեռնարկ: Մխիթարեան միաբանութեան պատմութեան, Վիեննայի հիմնման, հայագիտութեան ասպարէզին նպաստած Մխիթարեաններու, միաբանութեան Մատենադարանի ձեռագրերու, տպարանի վերաբերեալ դասախօսութիւններով ելոյթ ունեցան Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայրը՝ Հ. Պօղոս թ.ծ.վրդ. Գոճանեան, Վիեննայի պապական ներկայացուցիչը՝ աբբահայր Միշէլ վան Պարիս, Գերյ. Հ. Մեսրոպ ծ.վրդ. Թոփալեան, աւստրիացի բրոֆեսոր Հելմուտ Բուշհաուզեն եւ գրականագէտ Պարպարա Տենշեր: Ձեռնարկին աւարտին յոբելեանական տօնի առիթով կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը: Սեպտեմբերի 11-ին, Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Պատարագ մատոյց Աբբահայրը՝ Հ. Պօղոս վրդ. Գոճանեանը, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկաւ Վիեննայի եպիսկոպոս դոկտոր Հելմուտ Քրետցլը:
Այս ձեռնարկներուն ներկայ էին Աւստրիայի մօտ Հայաստանի դեսպանը՝ Աշոտ Հովակիմեան եւ հայ համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներ։
Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրաիրքը այս առթիւ հայրապետական կոնդակով մը շնորհաւորած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան Հայրերը վեր առնելով անոնց արժանիքները եւ նպաստը Եկեղեցւոյ ու ազգին։
Ստորեւ՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորագիրը։
Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն ի Տեառնէ Մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ Եւ ի Մէնջ Հայրապետական Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն Գերապայծառ Աբբայից Գերապատիւ Հարց եւ պատուական Եղբարց եւ տօնակից հանդիսականաց որ ի Վիեննա


Անհուն բերկրանքով ընդունեցանք Ձեր հրաւէրը, որով Մեզի կը ծանուցանէք, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 10-ին եւ 11-ին ակադեմական հանդէսով եւ ձայնաւոր Սուրբ Պատարագով պիտի տօնէք Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի մէջ հաստատման 200-ամեայ յոբելեանը։

Երկու դար՝ հոգի՛ եւ նուիրո՛ւմ։
Երկու դար՝ մի՛տք ու կա՛մք։
Երկու դար՝ աշխատա՛նք ու պտղաբերո՛ւմ։
Երկու դար՝ արժէ՛ք եւ արժանի՛ք։

Դարեր կ՚անցնին եւ սակայն Ձեր երանաշնորհ Հիմնադրին՝ Աստուծոյ Ծառայ Մխիթար Աբբահօր ոգին կը մնայ թարմ ու թարմացնող, միշտ լուսաւոր եւ լուսաւորիչ, միշտ սուրբ ու սրբակերտող։

Այո՛, դարերու ընթացքին դիպած դժնեայ ժամանակներուն ի հեճուկս՝ կը մնայ Մխիթարի ձայնը միշտ լսելի, Մխիթարի օրինակը միշտ առինքնող, Մխիթարի գործը միշտ արդիւնաբեր։

Մխիթար Սեբաստացի, որ «ոչնչէն աշխարհ մը ստեղծեց», Արշակ Չօպանեանի ճշմարտասաց սահմանումով, հիմնեց Միաբանութիւնը մեր ազգին հոգեւոր վերելքին եւ մտաւոր զարգացումին համար։ Իրողութիւն է, որ հայը պիտի մոռնար իր պատմութիւնն ու մշակոյթը, իր լեզուն ու ինքնութիւնը, եթէ Հիմնադիր Աբբան չվառէր իր ջահը լուսաճաճանչ եւ չսփռէր անոր հոգեմտաւոր ճառագայթումը խաւարին մէջ տուայտած մեր ժողովուրդին վրայ։

Այդ անմար ջահին լուսակիրներն էք Դո՛ւք, Մխիթարի Որդիներ, որ արդարօրէն կը պարծենաք Վիեննայի մէջ երկու դարերու Ձեր կեանքով եւ բերքով, որոնք, հանճարեղ Գաթըրճեաններու, Այտընեաններու, Տաշեաններու, Ակինեաններու եւ Կոգեաններու համընթաց, Եկեղեցիին եւ Ազգին տուած են սրբակեաց, առաքեալ, դաստիարակ, պարտաճանաչ եւ համեստ նուիրեալներու փաղանք մը «ի փառս մեծագոյնս Աստուծոյ, ի պատիւ ամէնօրհնեցելոյ Կուսին Մարիամու, ի յօգուտ մանկանց Եկեղեցւոյ եւ ի յօգուտ Ազգիս հայկազնոյ», ինչպէս սովոր էր գրել ու սորվեցնել Ձեր Հիմնադիր Աբբահայրը։

Դո՛ւք, Մխիթարի Որդիներ, ունիք հոգի եւ նուիրում, միտք ու կամք, աշխատանք ու պտղաբերում, արժէք եւ արժանիք։ Գիտնաք, որ ոչ մէկը կրնայ ուրանալ զանոնք, նոյնիսկ մերօրեայ դժուար օրերուն մէջ։ Ուստի, Դուք կրնաք ու պէտք է շարունակէք իրականացումը Ձեր սրբաշնորհ Հիմնադիր Աբբահօր նպատակին. հոգեւոր, կրթական, գրական, հայագիտական եւ մշակոյթային մակարդակներուն վրայ։

«Աստուած, Կրօն, Ազգ, Հայրենիք, Գիտութիւն» Ձեր նուիրական բնաբանին մէջ խտացուած են Մխիթարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այս հինգ վսեմ ու վսեմացուցիչ իմացութիւններուն ամբողջական ապրումով եւ հետեւողական կատարումով՝ Դո՛ւք, Մխիթարի Որդիներ, կը պարտադրէք պատկառանք եւ կը հնձէք ճանաչողութիւն թէ՛ ազգայիններուն եւ թէ՛ օտարազգիներուն մօտ։

Ձեր աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր, ազգօգուտ եւ հայրենասէր անձերուն արդիւնաւէտ վաստակումին եւ ատոքալից վաստկումին դիմաց՝ Մենք կը հրաւիրենք Ձեզ, ո՜վ Մխիթարի Որդիներ, որ արդար հպարտանքով ու ներքին գոհունակութեամբ կրկնէք Ձեր Հիմնադիր Աբբահօր այս երախտագիտական գիտակցութիւնը. «Շնորհօք ամենազօր Սուրբ Հոգւոյն, եւ միջնորդութեամբ ամէներանեցելոյ Կուսին Մարիամու, առ ի լուսաւորութիւն մանկանց Եկեղեցւոյ, եւ առ ի պատիւ եւ ի փառս Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, Փրկչին համայնից, որ օրհնեցեալ ի համայնս յաւիտեանս. ամէն»։

Մեզի համար անեզր ուրախութիւն է, իրատես ակնկալութիւն է եւ մշտատեւ աղօթք է վերածաղկումը Մխիթարեան Միաբանութեան։ Ձեր բեղուն գործունէութեան արձագանգը Մեզի եւ բոլորին կը ներշնչէ աւիւն ու խանդ, որովհետեւ Դուք եւս «բով ու փուռ բորբոքեալ» էք Հայութեան, ընդհանրապէս եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին, յատկապէս։

Ուստի, Մեր հայրական մաղթանքն է, որ, Սեւանավանքին Աստուածամօր հրաշակերտ «Եղիցի»-ով շատարած ու հզօրացած, շարունակէք ապրեցնել ու պտղաբերել Ձեր երանաշնորհ Հիմնադիր Աբբահօր երկնատար տեսլականը՝ միշտ հաւատարիմ մնալով «Աստուած, Կրօն, Ազգ, Հայրենիք, Գիտութիւն» Ձեր կենսաբաշխ գաղափարականին։

Մեր սրտաբուխ ու խնդակից շնորհաւորանքին հետ կ՚առաքենք Ձեզի եւ Ձեր հանդիսականներուն Մեր Հայրապետական Օրհնութիւնը։


…Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյս որ ի Զմմառ
Յերեսներորդում աւուր յամսեանն Օգոստոսի յամի Տեառն 2011
Յերկոտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ








All the contents on this site are copyrighted ©.