2011-09-15 14:08:18

Չինաստանի Սիշուան Մարզին Մէջ Եկեղեցական Մը Եւ Կրօնաւորուհի Մը Քանակահարումի Ենթարկուեցան Որովհետեւ Պահանջեցին Եկեղեցւոյ Ինչքերու Վերադարձը։


Որովհետեւ հանդգնեցան բարձրաձայն պահանջել համայնավար պետութեանէն բռնագրաուած եկեղեցւոյ կալուածներու վերադարձը հայր Եուզոնկ եւ կրօնաւորուհի Եումինկ գանակահարուեցան տեղական իշխանութիւններէն եւ ապա բանտ նետուեցան անցեալ 7 սեպրտեմբերին։ եւ ըսել Սիշուան մարզին մէջ, 1935ին Մաու Ցետունկ անձամբ տեղւոյն եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած է ու հանգիստ կատարած։ 1949 եկեղեցիներու բռնագրաւումներէն եւ օտարազգի եկեղեցականներու վտարումէն ետք տեղական եկեղեցի կարողացած է լեզու գտնել ու խաղաղութեամբ ապրիլ համայնավար իշխանութեան հետ։
Այսօր Սիշուան թեմի Մոքսի ժողովրդապետութիւնը կը պահանջէ երբեմնի դպրեվանքի հողը որպէսզի կարողնայ նորընծայարան մը ու դպրոց մը շինել։ Ի տես տեղական իշխանութեան վատ վառվելակերպին տեղւոյն հաւատացեալները բողոքի ցոյց մը կատարեցին տեղւոյն իշխանութեան բիրտ մեթոտին դէմ եւ յայտնեցին իրենց կամքը պաշտպանելու Եկեղեցւոյ իրաւունքը։
Նշենք որ այս վերջին տարիներուն, Չինաստանի մէջ, ընդհարումները եկեղեցւոյ ու տեղական իշխանութիւններու միջեւ բազմացած են հայող եկեղեցւոյ կալուածներու վերադարձին արձանագրելով վեր-վարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.