2011-09-15 14:20:54

Խաչվերացի Տօնն Ու Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւնը Հալէպի Մէջ-Սուրիա։


Հալէպի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ,11 Սեպտեմբերի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տօնին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանին:
Այս առթիւ արհիապատիւ արքեպիսպոսոսը քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ յատուկ կերպով խօսեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Ս. Խաչի նուիրուած հինգ տօներուն մասին, խաչի իմաստին մասին, որ ունի մեզմէ իւրաքանչիւրը, այս խաչը , ըսաւ գերապայծառը, կը թեթեւնայ երբ զայն սիրով ընդունինք եւ յօժար կամքով կրենք զայն մեր կեանքի ողջ ընթացքին:
Գերապայծառը մանրազննին անդրադարձաւ Ռէյհանի օրնութեան խորհուրդին ըսելով «Սովորութեան համաձայն խաչվերացի տօնին կ'օրհնուի Ռէյհանը: Ռեհանը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի ծաղկած խաչը, որպէս օրհնութիւն հաւատացեալները իրենց տուները կը տանին, օրհնուելու եւ ծաղկեցնելու համար:»
Ինչպէս Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս Խաչը ուսին առնելով քալեց, մենք եւս պարտինք կրել մեր խաչը եւ հետեւիլ Քրիստոսին. ըսաւ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանը, եւ ապա, Խաչվերացի տօնին առթիւ երգուած «Քառաթեւեան» շարականը մեկնաբանեց «Խաչվերացի տօնին կ'երգենք Քառաթեւեան շարականը, զոր օրհնութիւնն է աշխարհի չորս ծագերուն»: Խաչը չորս կողմեր ունի որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհի չորս ծագերը ըսաւ ան աւելցնելով ՜՜Պատարագէն ետք պիտի ուղուինք դէպի եկեղեցւոյ բակը կատարելու «Անդաստան օրհներգը»: Հուսկ՝ շնորհաւորեց ու իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց բոլորին տօնին առիթով ու քաջալերեց ըսելով.՜՜Խաչը օգնական է մեզի, թող մեզմէ ամէն մէկը ապաւինի սուրբ Խաչին՝՝։
Յաւարտ Ս. Պատարագին արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, արհի. Գրիգոր եպս. Գուսան՝ Եգիպտոսի առաջնորդը (որ երկար տարիներ եղած էր ժողովրդապետը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ) ու գեր. Հ. Ներսէս վրդ. Զապարեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այժմու ժողովրդապետը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:









All the contents on this site are copyrighted ©.