2011-09-15 14:04:53

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Համալսարանական Հովուութեան Յանձնախումբի Ժողովը։


Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ, 16-18 սեպտեմբեր, տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի համալսարանական հովուութեան ազգային ներկայացուցիչներու տարեկան հանդիպումը, ''Համալսարանական հովուութեան նոր աւետարանութեան ի սպաս'' նիւթին մասին։
Հանդիպումը հետեւաբար կը շօշափէ յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի նիւթը, որ Հռոմ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2012-ին։
Նոր աւետարանութիւնը Եկեղեցւոյ հրատապ հարցն է, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու կեանքի բոլոր պայմաններու մէջ։
Այդ ուղղութեամբ Մատրիտի հանդիպումը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ յունուար 2011-ի Միւնիխի ժողովին, որուն նիւթը եղաւ. ''կազմաւորում, դաստիարակութիւն եւ Աւետարան'' : Իսկ սեպտեմբեր ամսոյն աւարտին Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը Թիրանայի հանդիպումին ընթացքին պիտի խորացնէ նոր աւետարանութեան նիւթը։
Գերապատիւ հայր ֆերենչ Եանքա` քարտուղարը Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի համալսարանական հովուութեան յանձնախումբին, իր բացման խօսքին մէջ պիտի խօսի ''քրիստոնէաբական ուսուցում, դպրոց եւ համալսարան'' նիւթին մասին։ Մատրիտի հանդիպումին ընթացքին 40 ներկայացուցիչները առիթը պիտի ունենան ներկայացնելու իրենց գործունէութիւնը ուսանողաններուն, Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան լոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.