2011-09-15 14:20:46

Արցախի Անկախութեան 20-ամեակը Կը Նշուի ԱմերիկեանՔոնկրեսին Մէջ։


Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 11ի ուշ երեկոյեան ժամանած է Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:
Սեպտեմբեր 13ին, Արցախի պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Քոնկրեսէն ներս հանդիպումներ ունեցած է Էտըմ Շիֆի եւ Էլիըթ Էնկելի հետ: Այնուհետեւ Արցախի պատուիրակութիւնը այցելած է Ուաշինկթընի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու գրասենեակներ՝ հանդիպելով Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեանի եւ ԱՄՆ-Հայաստան հանրային կապերու յանձնախումբի համակարգող Ռոս Վարդեանի հետ: Նոյն օրը երեկոյեան, ԱՄՆ Քոնկրեսի «Ոսկէ սրահ»ին մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 20ամեակին նուիրուած կեդրոնական միջոցառումը: Տօնական երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոն եւ Էտ Ռոյս, ԱՄՆի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնն ու հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւնները:
Երեկոյին, զոր վարած է Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, մասնակցած են տասնեակ քոնկրեսականներ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծած են ԼՂՀի հռչակման օրինականութիւնն ու անկախ պետականութեան կառուցման գործին մէջ Արցախի ձեռքբերումները։ Քոնկրեսականները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.