2011-09-15 14:21:27

Անհամբեր Կը սպասեմ Այն Օրուան Երբ Արցախի Դրօշը Պիտի Ծածանի ՝՝ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ՝՝ (Կ՛ըսէ Քոնկրեսական ֆրենք Փալոն)։


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ, դեմոկրատ Ֆրենք Փալոն շնորհաւորական նամակ մը յղած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակին առիթով: Քոնկրեսականը նշած որ 20 տարիներու ընթացքին Արցախը ապացուցած է իր գոյութեան իրաւունքը, հաւատարմութիւնը համաշխարհային արժէքներու, ինչպէս` ազատութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը:
ֆրենք Փալոն բարձր գնահատած է Արցախի կառուցողական մօտեցումը խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթին մէջ: Ան նշած է, որ ինք հպարտ է կանգնելու Արցախի կողքին` անոր անկախութեան միջազգային ճանաչման ձեռքբերման ընթացքին: Ան ընդգծած որ ինք անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ Անկախ Արցախի Դրօշը պիտի ծածանի աշխարհով մէկ` նշանաւորելով Արցախի Ժողովրդավարական երազանքի իրագործումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.