2011-09-14 13:00:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10.10 անց՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, Գասթել Կանտոլֆոյի Ամարանոցէն ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Հռոմ, ուր Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ կատարեց չորեքշաբթի օրուայ Հրապարակային ունկնդրութիւնը ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու։ Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը, դարձեալ ինքնաթիռով, վերադարձաւ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատ։
Խօսքը ուղղելով Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ համախմբուած ուխտաւորներուն, եւ շարունակելով սաղմոսներու մասին անցեալ շաբաթ սկսած խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը ըսաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր կը խորհրդածենք թիւ 22 սաղմոսի մասին, ամենէն աւելի ուսումնասիրուած եւ արտասանուած սաղմոսներէն մին, որ կը խօսի քրիստոսաբանութեան մասին։ Անոնք Յիսուսի խօսքերն են զոր արտասանած էր չարչարանքի ժամանակ, եւ ունին ըլլայ խոնարհեցումի եւ ըլլայ փառքի ծաւալ մը, ինչպէս նաեւ կեանքի ու մահուան իմաստը։ <<Աստուած, Աստուած իմ, ինչո՞ւ թողուցիր զիս>> կը բացագանչէ սաղմոսերգուն։ Առօրեայ անձկութեան ու անցեալի սփոփանքի յիշատակով յոյսի դիմելէ հրաժարիլ չի ուզեր։
Թէեւ Աստուած պատասխան չի տար, սակայն սաղմոսերգուն վստահ է որ Ան զինք առանձին պիտի չթողու։ Հին կտակարանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Աստուած համապատասխանած է իր ժողովուրդի աղաղակին։ Յիշելով իր նախահայրերու Աստուծոյ հանդէպ ունեցած վստահութիւնը որ զիրենք երբեք յուսախաբ չթողուց, սաղմոսերգուն իր անձնական կեանքը նոյն յոյսով կը վերապրի ։ Համոզուած է որ Աստուած ներկայ է ու իրեն կ՛ընկերանայ իր կեանքին ընթացքին, նոյնիսկ ամէնէն մութ ժամերուն։ Հաւատքի յաղաթանակն է այս որ մահը կեանքի կը վերափոխէ` եւ տխրութեան անդունդը կը վերածէ յոյսի աղբիւրի։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Ունկնդրութեան ներկայ հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, թող Քրիստոսի խաչը ու Ցաւագին Տիրամօր օրինակը լուսաւորեն ձեր կեանքի ճանպարհը, ձեզի, սիրելի հիւանդներ այս օրինակները թող սփոփեն առօրեայ դժուարութիւններու ընթացքին, եւ ձեզի համար սիրելի նորապսակեալներ անոնք թող ըլլան խթան մը սուրբ գիրքի սկզբունքներէն ներշնչուած ընտանեկան արի եւ յարակից կեանքի մը։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Իտալիոյ Գոզէնցա քաղաքի մէջ տեղի կ՝ունենայ երանացման արարողութիւնը։ Երանելի Քոյր Էլէնա Այելլոն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեծ ջերմեռանդութիւն ունէր Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ ՜՜Սուրբ հաղորդութիւնը կեանքիս էական սնունդն է կ՛ըսէր քոյր Այելլոն, իմ հոգւոյս շունչը։ Խորհուրդ մը որ իմ կեանքս իմաստալից կը դարձնէ՝՝։ Սրբազան հայրը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով <<այս նոր երանուհիին օրինակն ու բարեխօսութիւնը թող աւելցնէ մեր մէջ Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ մեր սէրն ու պաշտամունքը։ Ապա բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.