2011-09-14 13:29:23

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան Ընդունեց Մահմետական Ուսանողներ Ինտոնեզիայէն


Իսլամ ուսանողներու ընկերակցութեան 12 հոգինոց ներկայացուցիչները, 10 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ժան Լուի Թոռանին հետ։ Հանդիպումին նպատակն է, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ինտոնեզիա հրաւիրել 2012-ին։ Իսլամ Ուսանողներու Ընկերակցութիւնը, հիմնուած՝ 1947ին, երկրին ամենէն հին եւ ամենէն ազդեցութիւն ունեցող ընկերակցութիւններէն մէկն է, ունի աւելի քան մէկ միլիոն անդամ։ Անիկա կազմուած է բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ։ Ներկայիս Ընկերակցութիւնը որդեգրած է երկխօսութեան ու բազմազանութեան ուղղութիւն մը։ Կ'աշխատի գործել քրիստոնեայ եւ այլ կրօնքի կազմակերպութիւններու հետ միջկրօնական ներդաշնակութիւն ստեղծելու համար եւ պայքարելու՝ ծայռայեղութեան դէմ եւ այդ պատճառաւ կը փնտռէ նեցուկը տեղական եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռին։








All the contents on this site are copyrighted ©.