2011-09-14 13:01:47

Լուրեր Հայ Եկեղեցիէն


Վիրահայոց Թեմի Եկեղեցասէր Երիտասարդաց Միութեան Համաժողով։
Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Այցը Վայոց Ձորի Թեմ։
Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբերի 10- ին, ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւնների հովանաւորութեամբ եւԳալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ, Վրաստանի՝ Սամցխ-Ջաւախք նահանգի Ախալքալաք քաղաքի փոխառաջնորդարանին մէջ կայացաւ Վիրահայոց թեմի Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութեան համաժողովը՝ ՜՜Հայ Առաքելական եկեղեցին վիրահայ երիտասարդներու կեանքին մէջ՝՝ թեմայով։ Համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ եռեսուն վիրահայ երիտասարդներ մայրաքաղաք Թիֆլիսէն, Պաթումէն, Սամցխ-Ջավախքէն եւ Վրաստանի այլ շրջաններէն։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ թեմի հոգեւոր հովիւները։
Ժողովականներու կողմէ որոշում տրուեցաւ որ Թիֆլիսի մէջ ուսանող, շրջաններէն եկած հայ ուսանողներու հետ հաստատել սերտ կապեր, արագացնել հովուութիւններուն կից եկեղեցասէր երիտասարդաց կառոյցներու ձեւաւորումը։ Երիտասարդներու կողմէ առաջարկուեցաւ թեմի քահանաներուն հետ այցելել հայաբնակ տարբեր համայնքներ եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարել, նաեւ ժողովուրդին Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, տօները բացատրելու միջոցով ժողովրդական լայն զանգուածները հրաւիրել եկեղեցի։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Այցը Վայոց Ձորի Թեմ։
Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 11 Սեպտեմբերին, Վայոց Ձորի թեմին մէջ հանդիսապետեց Ս Խաչ վանքի վերաօծման արարողութիւնը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ծափողջոյններով եւ աղուհացով դիմաւորուեցաւ երիտասարդներու կողմէ, Սբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը սկիզբ առած եկեղեցւոյ նոր քանդակազարդ դռներու առջեւ, ապա ՜՜ Ուրախ լեր, Սուրբ Եկեղեցի՝՝ շարականի ներքոյ ամէնքը մուտք գործեցին եկեղեցի։
Տէրունական աղօթքէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ ժողովուրդի անունով Արենիի համայնքի ղեկավարը՝ Սերգեյ Սուքիսեան ողջունեց Գարեգին Բ.ը. այնուհետեւ բարիգալստեան խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ թեմակալ առաջնորդը՝ Աբրահամ Սրբազան, ապա վեհափառը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Արենիի ժողովուրդին, պատգամելով հաւատարիմ մնալ Տիրոջ պատուիրաններուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, փարած մնալ հոգեւոր արժէքներուն եւ աստուածահաճոյ կեանքապրելով՝ իրենց նպաստը բերել ազգային կեանքին։
Ժողովրդական տօնախմբութենէն ետք Վեհափառը հրաժեշտ տալով Արենիի բնակիչներուն մեկնեցաւ Վայոց Ձորի մարզկենտրոն՝ Եղէգնաձոր քաղաք։
Առաջնորդանիստ Սբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ համատեղ աղօթքէն ետք Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ քառաթեւ խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը։
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի շքախումբը ուղղուեցաւ դէպի Ս Խաչ պատմական վանքը, որը ամբողջովին վերանորոգուած, բարեկարգուած եւ պարսպապատուած է։ Գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, պատմական տաճարի վերաօծման առիթով՝` Գարեգին Բ. ներկայացուց Խաչվերացի տօնի խորհուրդը, որ սերտօրէն կ՝առնչուի Ս Խաչ վանքի հետ։
Աւարտին տեղի ունեցաւ ժողովրդական տօնախմբութիւն եւ մատաղօրհնութիւն







All the contents on this site are copyrighted ©.