2011-09-14 13:01:30

Արաբ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Կոչը՝Սուրիոյ։


Արաբ Երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստը երէկ կոչ ուղղեց` անմիջապէս վերջ տալու Սուրիոյ մէջ արձանագրուող արիւնահեղութեան:
Նիստէն ետք Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին Սուրիոյ արիւնահեղութեան կասեցման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի ըլլայ ներքին սուրիական եւ արաբական ջանքերով, առանց միջազգային միջամտութեան:
Նապիլ Արապի Սուրիոյ կոչ ուղղեց` «բռնարարքները դադրեցնելու եւ երկխօսութեան ձեռնարկելու»:
Նապիլ Արապի յայտնեց, որ «արաբ քաղաքացին հարց կու տայ, թէ Արաբական լիկան ի՞նչ ձեռքբերումներ ունի»` աւելցնելով, որ «կը ցաւիմ յայտնելու, որ լիկան արաբական տագնապները դիմակայելու անկարող է»: Ան նշեց, որ «արաբական կարգ մը կողմերը կը նախընտրեն Լիկային փոխարէն միջազգային կառոյցներու դիմել»:
Միւս կողմէՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ստեղծած է երեք միջազգային փորձագէտներէ բաղկացած խումբ` Սուրիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպերը ուսումնասիրելու նպատակով: Մասնագէտներու խումբը կը գլխաւորէ արժանթինի ներկայացուցիչ Սերժիօ Պինէյրու: ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը ընդգծած է սուրիական իշխանութիւններու` Յանձնաժողովի հետ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.