2011-09-14 13:01:39

Euronews–ը՝ Կ՝անդրադառնայ Երեւանի Մէջ Իրականացուող ReAnimania Փառատօնին.


Հայաստանի մէջ իրականացուող ReAnimania անունով շարժապատկերային շարժանկարներու միջազգային փառատօնին անդրադառձած է Euronews միջազգային հեռուստակայանը: “Հայաստանի շարժապատկերային շարժանկարները հին աւանդոյթ ունին, առաջին նման շարժանկար նկարահանուած է 1930ական թուականներուն”( հաղորդած է տեսանիւթի հեղինակը):
Euronews–ը նաեւ զրուցած է փառատօնի տնօրէն Վրէժ Քասունիի հետ, որ նշած է, որ շարժանկարի արդիւնաբերութիւնը եւ մասնաւորապէս այդ ճիւղը Հայաստանի մէջ տուժած է ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք: “Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք ամէն ինչ մոռցուեցաւ եւ այդ ամէնը վերականագնելու անհրաժեշտութիւն կար: Այդ իսկ պատճառով մենք փառատօնին տուինք ReAnimania անունը` շարժանկարի արդիւնաբերութիւնը վերականդենդացնելու, վերականգնելու եւ անոր նոր կեանք տալու համար”,–ըսած է Քասունին:
Վրէժ Քասունին նաեւ յայտնած է, որ փառատօնի նպատակն է զարգացնել այդ ճիւղը Հայաստանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.