2011-09-13 13:45:11

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը:


Ռատիովատիկանի տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի այս շաբթուայ իր խմբագրականը յատկացուցած է 11 սեպտեմբերին։
Տասը տարիներ անցան այն ահաբեկչական արարքէն երբ ամերիկեան օդային գիծերու պատկանող չորս օդանաւներ՝ անմեղ ճամբորդներով լեցուն, ահաբեկիչներու ձեռքով կ՛ուղուէին դէպի Միացեալ նահանգներու Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի ֆինանսկան, զինուորական եւ քաղաքական զօրքը խորհրդանշող կարոյցները. այսպէս կը գրէ հայր Լոմպարտի ու կ՛աւելցնէ - այն օրը երեք հազար հոգի իրենց կեանքը զոհեցին եւ ուրիշ հազար հոգի յաջորդ օրերուն մահացան Նիւ Եորքի Երկուորեակ Աշտարակներու փլուզումի թունաւոր փոշիներու պատճառաւ։ Անոնք 70 ազգերու ու զանազան կրօններու ու մշակոյթներու պատկանող մարդիկ էին։
Նոր հազարամեան չեր ուզեր ուրեմն ըլլալ խաղաղութեան շրջան մը, այլ՝ - անգամ մը եւս - շրջան մը՝ ուր ատելութիւնը կ՛ուզէր ցոյց տալ իր հզօրութիւնը։ Արդարեւ պատերազմը տակաւին վերջ չգտաւ։Օզամա Պին Լատէնը սպաննուեցաւ, սակայն դժուար է որ ահաբեկչութիւնը վերջ գտնէ։
11 սեպտեմբերին սակայն, երբ շատեր կը փութային հեռանալ մահուան սպառնալիքէն, հարիւրաւոր ուրիշներ կ՛ուղղուէին վտանգի վայրը օգնութեան հասնելու համար զոհերուն, անոնք իրենց կեանքը կու տային ուրիշներու կեանքը ազատելու համար։
Անոնք համոզուած էին որ իրենց ըրածը շիտակ էր եւ պատրաստակամ էին մինչեւ վերջ կատարելու իրենց պարտականութիւնը։
Նիւ Եորքի Հրշէջներու եւ այլ անձերու զոհաբերումը կը մնայ որպէս յոյսի ճրագ մը այն խաւարի օրուան համար։ Եւ որքան ջանք, որքան ողորմութիւն, աղօթք, երկխօսութեան ու խաղաղութեան իղձ յաջորդեցին այդ օրուան։ Որքան ատելութիւն բայց նաեւ որքան սէր։
Ո՞րը գերակշռեց։ Ո՞րը կը գերակշռէ։ եւ ո՞րը պիտի գերակշռէ։
Մենք որ ներշնչուինք Աստուծոյ անունէն, կը բաղձանք որ բոլոր Աստուածապաշտները այն միտումը ունենան նպաստելու կեանքի պահպանումին եւ խաղաղութեան տարածման։








All the contents on this site are copyrighted ©.