2011-09-13 12:35:28

Պերլին Թեմի Առաջնորդին Յայտարարութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գերմանիա Հովուական Ու Պետական Այցելութեան Մասին։


Պերլին թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ռընէ Մարիա Վոլքի, խօսելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Դաշնակցային Գերմանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին, մամուլին յայտնեց որ Գերմանիոյ Եկեղեցին խանդավառ կը սպասէ Սրբազան Հօր այցելութիւնը։ Պատասխանելով կարգ մը խորհրդականներու ցոյցին մասին առաջնորդը ըսաւ թէ այդ ցոյցերը մեզ չեն խռովեր քանի որ մենք կ'ապրինք երկրի մը մէջ ուր գաղափարի ազատութիւն կայ։ Իր կարգին Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան պատասխանատուն՝ յիսուսեան հայր Հանս Լոնկենտորֆէր մատնանշեց որ հիմնադրամ մը պիտի ստեղծուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անունով, Արեւելեան Ափրիկէի երաշտի զոհերու ի նպաստ։
Գերմանիոյ մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Ժան Գլոտ Բերիսէ անդրադառնալով Սրբազան հօր առաքելական ճամբորդութեան, յառաջիկայ 22-25 սեպտերմբեր, ըսաւ որ Սրբազան Քահանայապետը Գերմանիա կու գայ, Յիսուսի նման, ոչ թէ քրիստոնէական արժէքները պարտադրելու, այլ՝ առաջարկելու։ Իւրաքանչիւր անհատին կ'իյնայ զանոնք ընդունիլ կամ մերժելը։ Նորին Սրբութիւնը երրորդ անգամուան համար իր հայրենիքը կ'այցելէ։ Այս անգամ այցելութիւնը թէ հովուական է եւ թէ պետական։ Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ որպէս արտայայտութիւնը կատարեալ կապերու Ս. Աթոռի եւԴաշնակցային հանրապետութեան միջեւ, Բացօթեայ պատարագ Պերլինի ողոմպիական մարզադաշտին վրայ, Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը վերանորոգիչ եկեղեցւոյ հետ, այն վայրին մէջ ուր Լուտեր ապրեցաւ որպէս օգոստինեան վանական մը եւ հանդիպում՝ տեղեկան եկեղեցւոյ հետ։ Այս բոլոր կայանները Սրբազան Քահանայապետին բարեպատեհ առիթ են հաղորդելու ունկնդիրներուն հաւատքի, յոյսի ու եղբայրական սիրոյ պատգամներ ընկերութեան մը որ միշտ աւելի մխրճուած է նիւթապաշտութեան ու սպառապաշտութեան մէջ։ Առաքելական այցելութեան բնաբանն է. ''Հոն ուր Աստուած կայ, այնտեղ ապագայ կայ'', իր այս հանդիպումներով Պենետիկոս ԺԶ Քահանայապետը յոյսի ուժականութիւն կը ներշնչէ բոլորին, յիշեցնելով Աստուծոյ ներկայութիւնը ու կրօնական արժէքները ընկերութեան մէջ։ Յայտնենք որ գերմանացիներուն համար Ս. Պետրոսի Գահին վրայ իրենց մէկ հայրենակիցին ներկայութիւնը եղաւ ՜՜հպարտանքի առիթ մը՝՝ եւ անոնք իրենք զիրենք կը կոչեն "Wir sind Papst" (''մենք Պապ ենք'') եւ քաղաքական դասը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը նկատէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերագոյն հովիւը։ Գերմանիա դիւանագիտական սերտ կապ ունի Ս. Աթոռին հետ եւ մեծապէս կը յուսայ որ Նորին Սրբութեան պետական այցելութիւնը պիտի սատարէ ՜՜կապերը ամրապնդելու՝՝ ։
Հուսկ Աւելի քան 700 զուիցերացիներ բաղձանք յայտնած են մասնակցելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գերմանիա առաքելական այցելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.