2011-09-13 13:49:53

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ ՜՜ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի՝՝ Մասին Կլոր Սեղան։


«Հայաստանի Հանրապետութիւն – սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, Հայկազեան համալսարանի կազմակերպութեամբ ՝ հինգշաբթի, 8 սեպտեմբերի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` ««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը. վերլուծական արժեւորում» նիւթով:
Սոնիա Սիսլեան ողջունեց մասնակցողները ապա , խօսք առաւ հանդիսութեան համադրողը՝ դոկտ. Ժան Սալմանեան, որ ըսաւ, ՜՜ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը միտի հայութեան համախումբ ուժերը ի սպաս դնել Հայաստանի օժանդակութեան եւ պետականութեան ամրապնդման՝՝։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի ատենապետ Սարգիս Արմէնեան, խօսեցաւ մարմինի աշխատելաոճին եւ գործունէութեան մասին, որուն աշխատանքներուն հիմնական առանցքը դրամահաւաքն է, որուն աշխատանքները կ՛իրականանան նախաձեռնութենէն քանի մը ամիս առաջ եւ ետք, ապա ան յայտնեց, որ տարիէ-տարի նուիրատուութիւններուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ գնահատելի է: Ան ըսաւ, որ մարմինը կը գործակցի հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակին հետ եւ պարբերական այցելութիւններով կը հսկէ ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթին:
Երկրորդ մասնակիցը՝ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան տեսանիւթով ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին իրականացուցած ծրագիրները հայրենիքի մէջ: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայութեան առաջին օժանդակութիւնը տրամադրուած է աղէտեալներուն, որոնց համար վեց շէնքեր կառուցուած են Գիւմրիի Անի թաղամասին մէջ: Ապա ան խօսեցաւ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի նորոգութեան, Մարմարաշէն գիւղի ջրամատակարարման, Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի վերակառուցման, Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի հաստատման եւ այլ ծրագիրներու մասին: Ան նաեւ գնահատեց լիբանանահայութեան նուիրատուութիւնները։
Իսկ տոքթ. Յակոբ Փափազեան, խօսեցաւ հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին ան յատկապէս նշեց լիբանանահայ կառոյցներու նիւթական տագնապները, ֆոնտերուն միջեւ գործակցութիւնները, Լիբանանի հարկային դրութիւնը, ներհայկական միակամութեան խնդիրը եւ այլն:
Ան ըսաւ, որ գումարին չափ կարեւոր է մասնակցողներուն թիւը, որովհետեւ այդ օրը հայրենիքին նկատմամբ հանրաքուէի օր է:
Կլոր սեղանի աւարտին, ներկաները հարցումներու եւ տեսակէտներու ընդմէջէն կատարեցին միտքերու փոխանակում եւ քննարկումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.