2011-09-12 14:13:02

Ս. Պատարագ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ ։


11 Սեպտեմբեր,Կիրակի, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հերթական տարեկան Ս. Պատարագը:
Պատարագը սկսած է զանգերու ղօղանջով, որ հնչած է հոգեւորականներէն մէկուն բջիջային հեռաձայնէն:
Եկեղեցական արարողութեան մասնակցած են մօտ 2000 հոգի: Այս թիւը նախորդ տարուայ բաղդատմամբ աւելի քիչ է: Պատարագի տեւողութեան որդեգրուած են ապահովական արտակարգ միջոցառումներ: Կղզին հսկած են 450 ոստիկաններ: Միջոցառումներուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
Նշենք որ Պատարագի ընթացքին վաճառուած մոմերուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Սոմալիայի աղէտեալներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.