2011-09-12 14:12:48

Միացեալ Նահանգները Նշեցին 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ-ի Տասնամեակը։


Միացեալ Նահանգներու տարածքին 11 սեպտեմբեր 2001-ի տասնամեակին առիթով ահաբեկչական յարձակումին զոհերուն յիշատակը յարգելու արարողութիւններ տեղի ունեցան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ,իրենց կողակիցներու ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի մէջ յարձակումի ենթարկուած Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի զոյգ աշտարակներուն վայրին մէջ մասնակցեցան յատուկ արարողութեան մը, որուն ընթացքին Նախագահ Օպամա Սաղմոսի 46-րդ հատորէն բաժին մը կարդաց:
Նախ քան 11 Սեպտեմբերը,Զանգուածային ՄԱՍՍ-ՄԷՏԻԱՆեր զգուշացուցած էին որ Ալ-Քայիտա կրնայ գործիչներ ուղարկած ըլլալ, Նիւ Եորքի կամ Ուաշինկթընի մէջ ականահարում մը, կամ ահաբեկչական արարք մը կատարելու: Բարեբախտաբար այս հաստատումները ։
Այս առթիւ, այն է 11 Սեպտեմբերի առնչութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Նիւ Եորքի Առաջնորդին ուղղած իր նամակին մէջ ՝՝յայտնեց իր վիշտը ու նաեւ մօտիկութիւնը 11 Սեպտեմբերի հազարաւոր զոհերուն համար ,մաղթելով նաեւ սրտի սփոփանք զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն։
Սրբազան Հայրը կիրակի 11 Սեպտեմբերին,կէսօրին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն Աղօթքի առթիւ նոյնպէս յատուկէն նշեց 2001-ի՝ 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի տասնամեակը ու յիշատակելով այն օրուայ զոհերը հրաւէր ուղղեց աշխարհի Քաղաքական Պատասխանատուներուն ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց որպէսզի մերժեն որպէս հարցերու լուծում ՝՝ բռնութեան կիրարկումը,հակազդելով ատելութեան՝՝ գործելով միաժամանակ ընկերութենէն ներս՝ զօրակցութեան` արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներէն ներշնչուելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.