2011-09-12 13:28:53

Հանդիպում Երիտասարդ Նշանուածներու Հետ


11 սեպտեմբերի Անքոնա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին կղերի ու ընտանիքներու հետ հանդիպումէն ետք սրբազան հայրը ուղղուեցաւ Անգոնայի կեդրոնական Բլէպիշիթօ հրապարակը ուր հանդիպում ունեցաւ երիտասարդ նշանուածներուն հետ։ Հանդիպումի սկիզբը երկու երիտասարդներ իրենց մտավախութիւնները յայտնեցին Սրբազան Հօր որ իր կարքին խրատներ տուաւ իրենց ամուսնական կեանքի վերաբերեալ։ Նշանտուքի շրջանը ձեզի համար ըլլայ պատրաստողական շրջան մը գիտակցութեան ու իրար հանդէպ յարգանքի հանգրուան մը։ Չի կարծէք որ կենակցութիւնը ապագայի ապահովութիւն կու տայ եւ յարգեցէք կեանքի զանազան հանգրուանները - ըսաւ նորին սրբութիւնը - մտահոգութիւն յայտնելով ի տես տնտեսական տագնապի հետեւանքով յառաջացած անգործութեան որ ապագայի համար երիտասարդներուն որոշումները կը դանդաղեցնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.