Թուրքիոյ Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր,12 Սեպտեմբեր կը սկսի Արաբական շրջապտոյտի
մը, որ կը ներառէ Եգիպտոսը, Թունուզը եւ Լիպիան:
Վարչապետ Էրտողան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի Զինեալ Ուժերու Խորհուրդի
նախագահ մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուիի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ընկերութեանց
սեփականատէրերու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան: Կը նախատեսուի, որ Էրտողան Արաբական
Լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ խօսք մը արտասանէ եւ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ
եգիպտական յեղափոխութիւնը ղեկավարած շարք մը երիտասարդներու հետ հանդիպում ունենայ: Վարչապետ
Էրտողան չորեքշաբթի օր Թունուզ պիտի այցելէ, իսկ հինգշաբթի օր` Լիպիա: