2011-09-11 13:12:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը:


Անգոնայի Նաւահանգիստի բացօթեայ տարածքին վրայ մատուցած պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան հայրը հակիրճ խորհրդածութիւնը մը ըրաւ որուն ընթացքին դարձեալ մատնանշեց Սուրբ Հաղորդութեան կարեւորութիւնը։Ապա Սրբազան Հայրը յատուկէն նշեց 2001 - 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի տասնամեակը ու յիշատակելով այն օրուայ զոհերը հրաւէր ուղղեց Քաղաքական պատասխանատուներուն ու բոլոր բարի կամք ունեցաող մարդոց որ մերժեն իբրեւ հարցերու լուծման բռնութիւններու գործադրումը որ հակասդեն ատելութեան եւ ընկերութեան մէջ գործեն ներշնջուելով զօրակցութեան` արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներէն։
Հուսկ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ կարելի դարձուցին այսօրուայ հանդիպումը եւ աշխուժօրէն աշխատեցան լաւագոյն կերպով կազմակերպելու Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Գիտաժողովը։ Մարեմեան աղօթքը աարտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.