2011-09-10 11:26:57

Սուրբ Աթոռի Մօտ Գանատայի Դեսպանը կը Մեծարէ Հիւսիսային Ամերիկայի Նորօծ Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը։


Ուրբաթ 9 սեպտեմբերի կէսօրին Սուրբ Աթոռի մօտ Հաւատարմագրուած Գանատայի Դեսպան Տիկին Աննա Լէհէյ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ- Կաթողիկէ Թեմի նորօծ Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին։
Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութենէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Աթոռի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուի մէկ պատուիրակը ու Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանու դեսպան Տիար Ժորժ Շաքիպ Էլ Խուրի։
Հանդիպումի ընթացքին սեղանակիցները զրուցեցին ու հետաքրքրուեցան Հայ ժողովուրդի ազգային ու եկեղեցական պատմութեամբ կեդրոնանալով ի մասնաւորի հիւսիսային ամերիկայի հայ գաղութի իրողութեան։
Արհիապատիւ Միքայէլ եպս Մուրատեանը սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց Դեսպան Աննա Լէհէյին մաղթելով որ այս հանդիպումը ըլլայ բարի մաղթանք ապագայի բարելաւ յարաբերութիւններու եւ պտղաբեր համագործակցութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.