2011-09-10 11:16:25

Նիւ Եորքի 2001ի Ահաբեկչական Արարքի Տասնամեակը։


Յառաջիկայ 11 սեպտեմբերին կը նշուի Նիւ Եորքի 2001ի ահաբեկչական արարքի տասնամեակը։ Այս առթիւ Կիրակի 11 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի Սուրբ Բադրիցիօ Տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ սեպտեմբեր 11 -ի զոհերուն։ Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Միացեալ Ազգերու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Արքեպիսկոպոս ֆրանսիս Շուլլլիքաթ։

Յաջորդ օրը Սանդէճիտիօ Հասարակութեան կազմակերպութեամբ Միւնէխի մէջ տեղի կ՛ունենայ եւրոպական մակարդակի վրայ ամենէ մեծ միջկրօնական միջոցառումը նուիրուած 2001ի 11 սեպտեմբերի զոհերուն։ Արդարեւ կիրակի 11 սեպտեմբերին յետմիջօրէի ժամը 14.46 (Նիւ Եորքի 8.46) աշխարհի համայն կրօններու կրօնապետերը կը համախմբուին Միւնիխի մէջ ուղիղ եթերի միջոցաւ կապ հաստատելով Նիւ Եորքի հետ։ Այս հաւաքին ներկայ կը գտնուի նաեւ Գերմանիոյ Նախագահը Քրիստեան Վուլֆ։ Այս ձեռնարկը բացման արարողութիւն կը համարուի Սանդէճիտիօ Հասարակութեան կազմակերպած միջազգային հաւաքին որ ունի որպէս խորագիր <<Միասնաբար ապրինք։ Կրօններ եւ մշակույթներ երկխօսութեան մէջ։>> Ձեռնարկ մը որ տեղի կ՛ունենայ 2001-ի 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի տասնամեակի եւ 1986 Ասիզիի խաղաղութեան հաւաքի 25 ամեակի առիթներով







All the contents on this site are copyrighted ©.