2011-09-10 11:24:24

Նիճերեայ։ 1999էն Այսօր Աւելի Քան 122 Եկեղեցիներ Կրակի Տրուած Են


Նիճերիոյ Բլադօ նահանգին մէջ 1999էն այսօր աւելի քան 122 եկեղեցիներ կրակի տրուած են որպէս հետեւանք իսլամ-քրիստոնեայ համայնքներու բախումներուն։
Անցեալ 6 սեպտեմբերին խօսքը ուղղելով միջազգային մամուլին Նիճերիոյ քրիստոնեայ ընկերակցութեան նախագահ վերապատուելի ֆիլիփ Տաֆես ընդգծեց որ քրիստոնեաները անձնական, հոգեւոր ու նիւթական մեծ վնասներ կրած են, եւ այդ պատճառաւ քրիստոնեայ պատասխանատուները որոշած են հզօրացնել ապահովութիւնը եկեղեցիներու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.