2011-09-10 11:52:40

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ


Կիրակի 9 Հոկտեմբեր, 2011 Ե. ԿԻՐԱԿԻ ԶԿՆԻ ԽԱՉԻՆ Մարկ. ԺԲ, 35-44
Աւետարանին մէջ կը կարդանք ինչպէս Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը իր աչքերը Յիսուսին վրայ սեւեռելով կ՛ըսէ. Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ որ կը վերցնէ աշխարհի մեղքը։
Գառն բառը շատ խորհրդական եւ աստուածաշնչական ու աստուածաբանական իմաստներով լի է։
Գառն կը նշանակէ ոչխար։ Եւ ոչխարը Հին Կտակարանին մէջ այն անասունն էր, զորս կը զոհուէր ժողովուրդին մեղքին համար։ Ինչպէս հասկնալի է, մեղքին պատիժը մահն է, եւ սակայն որովհետեւ կարելի բան չէր մեղաւորը սպաննելը, ասոր համար իր տեղը կը սպաննուէր անասուն մը, ոչխար մը, Աստուծոյ բարկութիւնը հանդարտեցնելու համար։ Այսինքն մեղաւորը իր ձեռքերը կը դնէր ոչխարի գլխուն վրայ, եւ անմեղ ոչխարին այդպիսով կ՛անցընէր իր մեղքերը. Եւ ոչխարը, որ այժմ կը կրէր իր մեղաւոր տիրոջ մեղքերը, մահուան կը դրուէր այդպիսով իր տէրը ազատելով իր գործած մեղքերէն, եւ արդարացած մեղաւորը այլեւս անմեղ կը համարուէր։ Ասոր համար քաւութեան նոխազ արտայայտութիւնը մէջտեղ եկաւ, այսինքն ոչխարը որ կը զոհուէր ուրիշի մը մեղքին պատճառաւ։
Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ, հետեւելով Ս. Բարսեղ Կեսարացիի աստուածաբանութեան, հարկ եղաւ գտնել մէկը, որ բոլորովին անմեղ ըլլար գառնուկին նման քաւելու մեղաւոր մարդկութեան մեղքերը։ Բայց տրուած ըլլալով որ ամէնքս ալ մեղաւոր ենք, այն ատեն Հայր Աստուած ուրիշ ճար չ՛ունէր եթէ ոչ իր Միածին Որդին ուղարկել աշխարհ, իր Որդին որ բոլորովին անմեղ եւ ամենասուրբ էր, որպէսզի Հին Կտակարանի գառնուկին նման արդար ըլլալով ինքն իր վրայ առնէր մեղաւորին մեղքը։ Բայց ի տարբերութիւն Հին Կտակարանի գառնուկին, Յիսուս ինքն իր վրայ մէկ մարդու մը մեղքերը չէր առնէր, այլ համայն մարդկութեան մեղքերը, ամէն ժամանակի եւ ամէն տեղի, աշխարհի արարչութեան օրերէն սկսեալ առաջին մարդէն, մինչեւ աշխարհիս վախճանին վերջին մարդը որ պիտի ծնի աշխարհ։
Քրիստոս Հին Կտակարանի գառնուկին նման ինքն իր վրայ առնելով աշխարհի եւ համայն մարդկութեան մեղքերը, այդ գառնուկին նման մահուան դատապարտուեցաւ ոչ թէ իր մեղքերուն համար, որովհետեւ ան անմեղ էր, այլ համայն մարդկութեան մեղքերուն համար, այսինքն իմ եւ քու մեղքերդ քաւելու համար եւ իր արիւնը իբր փրկագին տալու մեր մեղքերու քաւութեան եւ որպէսզի կարենանք յաւիտենական փրկութեան արժանի ըլլալ։
Ահաւասիկ թէ ինչու Նոր Կտակարանի քաւութեան նոխազը Քրիստոսն է, որովհետեւ մեղանչողը մենք էինք, իսկ մեր մեղքին իբր արդիւնք մեռաւ Քրիստոս, անմեղը։ Եւ ասկէ աւելի մեծ սէր չկայ, ինչպէս ինք Քրիստոս կ՛ըսէ, որ մարդ իր կեանքը տայ իբր փրկանք իր սիրելիներու համար։ Ինչպէս որ զինուորը որ կը մեռնի իր կեանքը տալով իր հայրենիքի ազատագրումին համար եւ այս իր գործը ուրիշներու կողմէն կը գնահատուի որպէս մեծագոյն սէրը եւ զոհողութիւն մը, նոյնպէս Քրիստոս, մեզ այնքան սիրեց, որ իր կեանքը տուաւ մեր փրկութեանը համար, եւ այսպիսով արժանացաւ Յովհաննէս Մկրտիչի մարգարէութեանը որ կ՛ըսէր Քրիստոսի մասին. Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ որ կը վերցնէ աշխարհի մեղքը։
Յիսուս կը վերցնէ ամբողջ աշխարհի եւ համայն մարդկութեանը մեղքը։









All the contents on this site are copyrighted ©.