2011-09-09 12:36:50

Վարչապետ Տիգրան Սարգիսեան Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը։


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հայաստանի կառավարութեան նիստին բացումը կատարելով, նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած փայլուն յաղթանակը` Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
«Կառավարութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր խումբին, մեր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին: Բաւական զգալի է, որ վերջին քանի մը տարիներուն հայկական ֆութպոլը իր վերելքին մէջ է, որուն շնորհիւ անիկա յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, Սլովաքիոյ դէմ Հայաստանի արձանագրած շռնդալից յաղթանակէն ետք (4-0) մարզական լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ հետեւեալը. «Այս մրցումը կը նկատեմ սքանչելի, մանաւանդ Բ. կիսախաղը: Իսկապէս հպարտ եմ այս խումբով: Լաւապէս ուսումնասիրած էինք մրցակից կազմին զօրաւոր ու տկար կողմերը եւ ըստ այնմ պատրաստուած այս մրցումին: Կը հաւատայի, որ կրնանք յաղթել, սակայն այսպիսի մեծ արդիւնք մը երբեք չէի ակնկալեր : Թէեւ այժմ այս յաղթանակը կը տօնենք, սակայն պէտք է այժմէն իսկ պատրաստուինք Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.