2011-09-09 12:08:47

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։ Լէթթոն Յայտագիրը։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Լէթթոն յայտագրի մասին։

2 սեպտեմբեր 1948 առաջին անքամ ըլլալով սկիզբ առին Ռատիովատիկանի Լէթթոն յայտագրի սփռումները որոնք կը հաղորդէին պատերազմի բանտարկեալներու անունները Յիսուսեան հայր Բավլիս Պէչսի ձայնով որ երկու տարի ետք հնազանդելով իրեն մեծաւորներուն հրահանգին մեկնեցաւ Ավստրալեայ նուիրուելու իր հայրենակիցներուն հովուական առաքելութեան։

Հայր Պէչսի յաջորդեց հայր Սդանիզլավ Գուչինսքին որ 50 տարիներ ամբողջ ղեկաւարեց Ռատիովատիկանի Լէթթոն յայտագիրը որ սկզբնական շրջանի շաբաթական հաղորդաշարէ դարձաւ արօրեայ հաղորդում 19 վարկեան տեւողութեամբ։

Լէթթոն յայտագրի հաղորդումները կարեււոր դեր խաղցան Համայնավարական Բռնատիրութեան շրջանի ընթացքին հանդիսանալով միակ հաղորդակցութեան միջոցը որ կը սփռեր յոյս եւ ճշմարտութիւն ։ Այսօր եւս Ռատիովատիկանը միակ կաթողիկէ ձայնասփիւռն է Լէթթոնիայի մէջ ու կը ծառայէ նաեւ` որպէս ընկերային հաղորդակցութեան միջոց` տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար։

Լէթթոն յայտագրի մասին խօսելով չենք ուզեր անտեսել այն բոլոր անձերը որոնք նուիրումով եւ աշխուժութեամբ աշխատեցան հաղորդումները պատրաստելու եւ օժանդակեցին համագործակցութեան ամրապնդման ընդմէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու մշակութային աշխարհի ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ։

Ռատիովատիկանի Լէթթոն յայտագրի պատմութեան ու ընդհանրապէս Լէթթոնյիայի պատմութեան մէջ մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետի այցը Ռիկա եւ Ալկոնա որ իմաստալից ամենէ կարեւոր դէպքերէն մին կը նկատուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.