2011-09-09 12:05:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Այսօրուայ Գործունէութիւնը Եւ Իտալիոյ Ազգային Ս. Հաղորդութեան Գիտաժողովի Եզրափակումը ։


Ուրբաթ 9 սեպտեմբեր 2011ի առաւօտեան ժամը 11 ին Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մեծն Պրիթանիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր դեսպան` Տիար Նիկէլ Մարգուս Պէյքըրի. հաւատարմագրերու ներկայացման առթիւ։ Հուսկ ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց Գուպայի առաքելական նուիրակ Պրունօ Մուզարօ Արքեպիսկոպոսը ու ապա Իտալիոյ Թերնի - Նարնի - Ամէլիա Թեմի եպիսկոպոս Վինչէնցօ Բալիան ու Սանդէճիտիօ հասարակութեան հիմնադիր Փրօֆ. Անտրէա Րիքքարտին։

Իտալիոյ Ազգային Ս. Հաղորդութեան Գիտաժողովի Եզրափակում - Ճաշին` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պիտի Ունենայ Որպէս Սեղանակիցներ Աղքատներն ու Գործազուրկերը։
11 սեպտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը կը մեկնի եզրափակելու Իտալիոյ Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային 25-րդ գիտաժողովը, որուն աշխատանքները սկսան 3 սեպտեմբերին ունենալով որպէս բնաբան ''Կենաց Հացը առօրեայ կեանքին համար''։
Նախքան իր հանդիպումը նշանուածներու ու ընտանիքներու հետ Նորին Սրբութիւնը իր ճաշը պիտի բաժնէկցի շրջանի ինչազուրկերու հետ։
Անգոնա այցելութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ քաղաքի նաւակերտարանին մէջ բացօդեայ սուրբ պատարագը որ կ՛եզրափակէ Իտալիոյ ազգային ս. հաղորդութեան 25-րդ գիտաժողովը եւ որուն աւարտին Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը կ'արտասանէ։
Ժամը 13,30ին Նորին Սրբութիւնը կը ճաշէ գիտաժողովին մասնակցող եպիսկոպոսներուն հետ ինչպէս նաեւ բացառաբար, խումբ մը գործազուրկ բանւորներու եւ Գարիթասի ինչազուրկերու հետ։
Յետմիջօրէին քաղաքի սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Պենետիկտոս ԺԶ հանդիպում կ'ունենայ ընտանիքներու ու թեմի քահանաներու հետ։։ ժամը 17-ին քաղաքի գլխաւոր հրապարակի վրայ նախատեսուած է հանդիպումը նշանուածներու հետ։ Երեկոյեան Քահանայապետը կը վերադառնայ Հռոմ ։

Յայտնենք որ վսեմաշուք կարտինալ Գրիգոր ԺԵ Պետրոս Աղաճանեանը ասկէ 60 տարիներ առաջ` 1951 սեպտեմբերին Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ լեոյթ մը ունեցած է հոյակապ ճառ մը արտասանելով աշխարհահռչակ գիտնականներու ու աստուածաբաններու առջեւ ''Արեւելեան եկեղեցւոյ հաւատքը ս. Հաղորդութեան հանդէպ'' նիւթին մասին։
Շարք մը վկայութիւններ տալէ արեւելեան ս. Հայրերէն Վսեմաշուք կարտինալ Աղաճանեանը խօսած է ս. Գրիգոր` Լուսաւորիչն Հայոց, Մանդակունի` ս. Պատրիարքն Հայոց եւ ս. Եղիշէ` Պլպուլն Աւարայրի ս. հաղորդութեան հանդէպ անոնց վկայութիւններուն ու խոստովանութիւններուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.