2011-09-08 12:44:53

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


8 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 20.30ին Միլանոյի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք Քահանայապետական արարողութեամբ Միլանոյի Թեմը հրաժեշտ կ՛առնէ Կարտինալ Թեթամանցիէն որ 9 տարիներ ամբողջ առաջնորդեց աշխարհի ամենամեծ թեմը։ Թեթթամացի Կարտինալին կը յաջորդէ Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան որուն պաշտօնական գահակալութեան արարողութիւնը նախատեցուած է յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին։


Լեհաստանի Եւրոմիութեան նախագահութեան վեցամսեայի առթիւ 8 - 11 սեպտեմբեր Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Մշակոյթի նուիրուած եւրոպական մակարդակով Համաքումար սերտելու դիտաւորութեամբ մշակութային այժմէական հարցեր։ Համաքումարին կը մասնակցին աւելի քան 300 քննադատներ ` արուեստագետներ` մտաւորականներ` ու Լրագրողներ Եւրողայէն Պիէլորուսիայէն` Վրաստանէն` Թուրքիայէն` Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն։ Համաքումարի խորագիրն է <<արուսետը իբր միջնորդ մը ընկերութեան յեղաշրջումին ի տես>>։ Համաքումարի ծիլէն ներս Նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ եւ տօնախմբութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.