2011-09-08 12:39:48

Յիսուսեան Հայր Անթոնիօ Սբատարոն անուանուած Յիսուսեաններու Պարբերաթերթի <<Չիվիլթա Գաթթոլիքա>>յի նոր Տնօրէն ։


8 սեպտեմբերէն սկսեալ Հայր Անթոնիօ Սբատարոն նշանակուած է որպէս <<Չիվիլթա Գաթթոլիքա>> Յիսուսեան Միաբանութեան Պարբերաթերթի նոր Տնօրէն ։ Ան կը յաջորդէ հայր Ճանբաոլօ Սալվինիին որ 1985 ի վեր ստանցնած էր պարբերաթերթի պատասխանատուութիւնը։ Նշենք որ <<Չիվիլթա Գաթթոլիքա>>ն հիմնուած է 1850ին եւ Իտալիոյ ամէնահին Պարբերաթերթն է ու կը պատկանի Յիսուսեան միաբանութեան։ Նոր տնօրէն հայր Սբատարօն ծնած է Իտալիոյ Սիկիլիայ նահանգի Մէսսինա քաղաքը 1966ին։ Քահանայ ձեռնադրուած 1996 ի դեկտեմբեր 21ին։ Ան Պարբերաթերթի հետ կը համագործակցեր 1994 ի վեր։ <<Չիվիլթա Գաթթոլիքա>> պարբերաթերթը կը հրատարակուի իտալերէն լեզուով ամիսը երկու անգամ (ամսուայ առաջին ու երրորդ շաբաթ օրը) ու անոր յօդուածներու պարունակութիւնները ընդհանրապէս կ՛անդրադառնան մարդու կեանքի` ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ կարեւոր հարցերուն մասին ինչպէս նաեւ կը շօշափէ աստուածաբանական, փիլիսոփայական, բարոյական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային նիւթեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.