2011-09-08 12:56:59

Միացեալ Նահանգներ։ 10 Եւ 11 Սեպտեմբերը, Առիթ Մը՝ Մօտէն Ճանչնալու Իսլամ Կրօնքը


Յառաջիկայ 10 եւ 11 սեպտեմբերին, 2001 ի սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի նշումի տասնամեակին առթիւ, նախատեսուած է ոգեկոչման արարողութիւններ. նախօրեակին Ամերիկացի մահմետական կրօնի զանազան հասարակութիւններ մտադրած են (30 օգոստոսէն սկսեալ) բանալու՝ իրենց աղօթավայրերու դռները, աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար ՜՜Իսլամ Կրօնքը՝՝ ու առիթ տալու իրենց հայրենակիցներուն, շփումի մէջ մտնելու՝ իսլամ աշխարհի իրողութեան հետ։ Ամերիկացի Իսլամ կազմակերպութիւններու բանբեր՝ Նայիմ Պաիկի յայտարարութեամբ <<Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի տասնամեակի արարողութիւնները, առիթ պէտք է ըլլան երկխօսութիւն հաստատելու երկրի իսլամ հասարակութեան ու ամերիկացիներուն միջեւ։>> Ան աւելցուցած է նաեւ՝ որ Ամերիկայի իսլամ հասարակութիւնը որ 2,6 միլիոն հաւատացեալ ունի յաճախ խտրականութեան ենթարկուած է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.