2011-09-07 13:20:25

Քրիստոսը Քրիստոնեաներուն Համար Գրաւական Է Անհաստատ Ընկերութեան Մը Մէջ


Իտալիոյ մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Պերթելլօ, խօսք առնելով Իտալիոյ Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային գիտաժողովին, որ ներկայիս տեղի կ'ունենայ Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը, ըսաւ. ''Քրիստոսը Քրիստոնեաներու համար գրաւական է երերուն եւանհաստատ ընկերութեան մը մէջ''։ Գերապայծառ Պերթելլօ ընդգծեց կարեւորութիւնը կերտելու՝ ընկերութիւն մը հիմնուած՝ սիրոյ քաղաքակրթութեան վրայ, առանց որու մեր եղբայրօգնութիւնը կը դառնայ անպտուղ ու մարդկային յարաբերութիւնները`անհաղորդ ու պաղ։
Նշենք որ գերապայծառ Պերթելլօ հոկտեմբերի սկիզբը կը դառնայ կառավարիչը Վատիկան Քաղաքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.