2011-09-07 13:19:45

Վատիկանը Կը Բաղձայ Դիւանագիտական Կապեր Հաստատել Վիէթնամի Հետ։


Գերապայծառ Լեփոփոլտօ Ճիրելլի` Վատիկանի ներկայացուցիչը Վիէթնամի մէջ, ներկայիս հովուական այցելութիւն կը կատարէ Վիէթնամի թեմերուն։ Ասիկա երրորդ հովուական այցելութիւնն է որ գերապայծառը կը կատարէ Վիէթնամ։ Հուէ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Էդիենն Նհու Թէին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին, գերապայծառ Լեփոփոլտօ Ճիրելլի ըսաւ որ Սրբազան Քահանայապետը կը բաղձայ կայուն ու պաշտօնական դիւանագիտական կապեր հաստատել Վիէթնամի հետ։
Թեմի կղերի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Վատիկանի ներկայացուցիչը ընդգծեց հարկաւորութիւնը համագործակցութեան Եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ գործակցական ոգիով։
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, գերապայծառ Լեփոփոլտօ Ճիրելլի, որ միաժամանակ առաքելական դեսպանն է Սինկափուրի եւ արեւելեան Թիմորի, յոյս յայտնեց որ շուտով բնակութիւն հաստատէ Վիէթնամի մէջ։ Նշենք որ Վատիկանի ներկայայցուցիչի հովուական այցելութիւնը Վիէթնամ պիտի տեւէ մինչեւ 18 սեպտեմբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.