2011-09-07 12:43:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 7 սեպտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10.10-ին՝ Սրբազան Հայրը Գասթել Կանտոլֆոյի Ամարանոցէն իքնաթիռով փոխադրուեցաւ Հռոմ, ուր Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը կատարեց չորեքշաբթի օրուայ Հրապարակային ունկնդրութիւնը ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու։
Ունկնդրութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ.ի անուան սրահի գրասենեակին մէջ ընդունեց, Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար ու Դաշնակցային Աւստրիոյ Կառավարութեան փոխ վարչապետը` անոր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը։

Ունկնդրութեան սկիզբը, խօսքը ուղղելով ներկաներուն նորին սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այս շաբաթէն սկսեալ պիտի խորհրդածենք Սաղմոսներու վրայ <<գերագոյն աղօթագիրքը>>։

Թիւ երեք սաղմոսը ողբերգութեան ու աղեսրսանքի սղմոսն է։ Աստուծոյ ներկայութեան վստահութիւնը կը հիմնուի աղօթողի դժուարութեան մէջ գտնուելու վրայ։ Տէրը կը պաշպանէ անոնք որոնք կը վստահին իրեն։ Մարդը միայնակ չէ, ու անոր թշնամիները անյաղթելի չեն, որովհետեւ Տէրը կը լսէ հարստահարուածին աղաղակը ու մտիկ կ՛ընէ անոր։ Աղաղակը հաւատքի արտայայտութիւն մըն է առ Աստուած ու անոր վրայ վստահութիւն է։ Աստուածային պատասխանն ալ , որ աղօթքները կ՛ընդունի սաղմոսերգուին ամբողջական վստահութիւն կը ներշնչէ ու անոր աղաղակը կը յանգի ներքին խոր խաղաղութեան։ Ան որ կ՛աղօթէ, նոյնիսկ եթէ գտնուի պատերազմի եւ վտանգի մէջ, կրնայ հանգիստ քուն քնանալ։
Սիրելի բարեկամներ, աղօթելով այս սաղմոսը մեր մէջ իւրացնենք սաղմոսերգուին զգացումները ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Վտանգի ու չարչարանքի ընթացքին, անհասկացողութեան ու նախատինքի ժամանակ, սաղմոսը մեր սրտերը կը բանայ Հաւատքի կազդուրիչ վստահութեան ։ Աստուած միշտ մօտիկ է մեզի, մեր ձայնը կը լսէ, մեզի մտիկ կ՝ընէ ու մեզ կ՛ազատէ։ Թող Ինք ընդառաջէ մեր տկարութիւններուն ու մեզ կարող դարձնէ հաւատալու եւ աղօթելու ու մենք ամբողջովին վստահինք Իրեն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները։
Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, արձակուրդներէն ետք, առօրեայ զբաղումներու ձեր վերադարձին, գիտցէք ամէն օր ժամանակ գտնել Աստուծոյ հետ զրուցելու, եւ լոյս ու խաղաղութիւն տարածեցէք ձեր շուրջը ։ Սիրեցեալ հիւանդներ, Յիսուս Քրիստոսի մէջ գտէք սփոփանքը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ սովեցէք միասին աղօթել ընտանեկան մտերմութեան մէջ որպէսզի ձեր սէրը ըլլայ ճշմարիտ, պտղաբեր եւ մշտատեւ։

Հուսկ նորին սրբութիւնը իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։









All the contents on this site are copyrighted ©.